2013-11-05 09:25:34

ՄԱԿի գնահատումով` աւելի քան 9 միլիոն Սուրիացի օգնութեան խիստ կարիք ունի։


ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի` մարդասիրական հարցերով տեղակալ Վալերի Ամոսի գնահատականներով` Սուրիոյ բնակիչութեան մօտ 9,3 միլիոնը կամ բնակչութեան 40%-ը, օգնութեան խիստ կարիք ունի: Այս մասին կը հաղորդէ civilnet-ը՝ վկայակոչելով BBC-ն:
Ելոյթ ունենալով ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին, Ամոսը յայտարարած է, որ սուրիական ճգնաժամը «արագ եւ անխախտօրէն կը վատթարանայ»:
Պարոնուհի Ամոսը յայտարարած է, որ Անվտանգութեան խորհուրդը պէտք է օգտագործէ իր քաղաքական ամբողջ հեղինակութիւնը ե՛ւ Սուրիոյ վարչակարգին, ե՛ւ ընդդիմութեան նկատմամբ, որպէսզի ապահովէ մարդասիրական ոլորտի աշխատակիցներու գործունէութիւնը կարիքաւորներուն:
Ան նաեւ Անվտանգութեան խորհուրդին կոչ ըրած է ազդեցութիւն գործել հակամարտութեան բոլոր այն կողմերուն վրայ, որոնք կրնան ապահովել քաղաքացիական բնակչութեան եւ քաղաքացիական հիմնարկներու պաշտպանութիւնը` ապահովելով առողջապահական ոլորտի աշխատակիցներու տեղաշարժը, բեռներու մատակարարումը եւ մարդասիրական օգնութեան անխոչընդոտ ցուցաբերումը:
Կարիքաւորներու աւելի քան կէսը Սուրիոյ բնակիչներն են, որոնք հակամարտութեան պատճառով ստիպուած եղած են լքել իրենց տուները: Այսօր անոնց թիւը կը գերազանցէ 6,5 միլիոնը այն պարագային, երբ Յուլիսին անոնց թիւը 4,25 միլիոն կը կազմէր:
ՄԱԿ-ի տուեալներուն համաձայն` Սուրիոյ մէջ օգնութեան կարիք ունեցողներուն թիւը Սեպտեմբերին 6,8 միլիոն կազմած է:
Մեկուսացուած կամ երկրի պաշարման մէջ գտնուող շրջաններուն մէջ կայ աւելի քան 2,5 միլիոն մարդ, անոնց մեծ մասը կ’ապրի բնականոն ջրամատակարարման, սնունդի, ելեկտրականութեան եւ դեղամիջոցներու բացակայութեան պայմաններու մէջ:
Մարդասիրական կազմակերպութիւնները կը դժգոհին Սուրիոյ իշխանութիւններէն` յայտարարելով, որ անոնք կը դժուարացնեն այցագիրներու տրամադրման գործընթացը աշխատակիցներու համար եւ կը փորձեն կրճատել երկրին մէջ աշխատող միջազգային կազմակերպութիւններու թիւը:
Սուրիոյ հարեւան երկիրները, մասնաւորապէս` Յորդանանը, կը զգուշացնեն, որ չեն կրնար վերահսկել Սուրիայէն փախստականներու հոսքը:
ՄԱԿ-ի գնահատականներով` Սուրիոյ մէջ 2011-ի Մարտէն՝ շարունակուող հակամարտութեան սկիզբւն՝ երկիրը լքած է աւելի քան 2,8 միլիոն մարդ: Անոնց մեծ մասը տեղափոխուած է Լիբանան, Յորդանան, Թուրքիա, Իրաք եւ Եգիպտոս:
Այս ընթացքին հակամարտութեան զոհ դարձած է աւելի քան 100 հազար մարդ:







All the contents on this site are copyrighted ©.